2013-02-11 10:34:18

Հիւանդի Համաշխարհային 21րդ Օրուայ Նշումը` Ալթոդդինկի ''Տիրամայր Շնորհաց'' Մարեմեան Սրբավայրին Մէջ։


Այսօր` երկուշաբթի 11 փետրուարին կը նշուի Հիւանդի Համաշխարհային 21րդ օրը։ Այս առթիւ գերմանիոյ Ալթոդդինկի ''Տիրամայր Շնորհաց'' Մարեմեան Սրբավայրին մէջ տեղի կ՛ ունենայ յատուկ արարողութիւն մը` Սրբազան Քահանայապետի յատուկ Պատուիրակ` գերապայծառ Զիկմունթ Զիմովսկիի գլխաւորութեամբ, նախագահը առողջապահութեան քահանայապետական խորհուրդին։
Հիւանդի Համաշխարհային օրուայ խորագիրն է ''Գնա եւ դուն ալ նոյնպէս ըրէ'' (Ղուկ. 10,37) Բարի սամարացին։ բարիք ընել տառապողներուն եւ բարիք ընել անձնական տառապանքով''։
Վերոյիշեալ արարողութեան ընթացքին Վատիկանի պապական Նուիրակ` գերապայծառ Ժերիսսէ պիտի ներկայացնէ այս օրուայ առթիւ, անցեալ 8 յունուարին, Սրբազան Քահանայապետի հրատարակուած պատգամը։ ''Բարի սամարացիներ տառապող մարդկութեան համար-Գնա՛, դո՛ւն ալ նոյնպէս ըրէ ՝՝ բնաբանով։
Սրբազան Քահանայապետին հիւանդին համաշխարհային օրուան 2013-ի պատգամը ներշնչուած է բարի սամարացիի առակէն . «Մէկը Երուսաղէմէն Երիքով կ՚ իջնէր եւ աւազակներու ձեռքը ինկաւ, որոնք մերկացուցին զայն, վիրաւորելով կիսամեռ թողուցին ու գացին: Պատահեցաւ որ քահանայ մը իջնէ այդ ճամբայէն. տեսնելով զայն՝ միւս կողմէն անցաւ: Նմանապէս Ղեւտացի մը հասնելով այդ տեղը՝ գնաց եւ տեսաւ, ու միւս կողմէն անցաւ: Բայց Սամարացի մը՝ որ կը ճամբորդէր, եկաւ անոր քով, եւ տեսնելով զայն՝ գթաց: Մօտեցաւ, փաթթեց անոր վէրքերը, վրան ձէթ ու գինի թափելով եւ իր գրաստին վրայ դնելով՝ տարաւ զայն պանդոկ մը, ու հոգ տարաւ անոր: Հետեւեալ օրը՝ երբ կը մեկնէր անկէ, հանեց երկու դահեկան, տուաւ պանդոկապետին եւ ըսաւ անոր. «Հո՛գ տար ատոր, ու ի՛նչ որ աւելի ծախսես՝ պիտի վճառեմ քեզի երբ վերադառնամ»: Ուրեմն այս երեքէն ո՞վ կը կարծես թէ ընկերը եղաւ աւազակներու ձեռքը ինկողին»: Ան ալ ըսաւ. «Ա՛ն՝ որ կարեկցեցաւ անոր»: Ուստի Յիսուս ըսաւ անոր. «Գնա՛, դո՛ւն ալ նոյնպէս ըրէ»:
Բարի սամարացիի առակով, Սրբազան Հայրը կը մատնանշէ թէ ի՜նչպէս պէտք է ըլլայ դիրքը Յիսուսի աշակերտին հանդէպ բոլորին եւ մասնաւորապէս կարիքաւորներուն ու խնամքի կարօտեալներուն։ Յիսուսի աշակերտը կանչուած է ոյժ առնելու Աստուծոյ անհուն սէրէն, որպէսզի կարողանայ ամէն օր իր դրական սատարը բերել կարիքաւորին, նիւթական թէ հոգեւոր գետնի վրայ։ Նման յանձնառումի մը կանչուած են բոլոր քրիստոնեաները եւ ոչ միայն բժիշկներն ու հիւանդապահները ։








All the contents on this site are copyrighted ©.